2013-10-29 11:15:35

Քահանայապետական Միջկրօնական խորհուրդի պատգամը` Ինտուներու ''Տիբավալի'' տօնին առիթով։


Յառաջիկայ Կիրակի 3 նոյեմբերին աշխարհի Ինտու հասարակութիւնը կը յիշատակէ ''Տիվալի'' տօնը որ է տօն` սուտի դէմ ճշմարտութեան յաղթանակին, խաւարի դէմ` լոյսին, մահուան դէմ` կեանքին, չարութեան դէմ` բարիին։
''Տիբավալի'' բառը ինքնին կը նշանակէ ''ձիթաիւղով վառուած շարք մը ջահեր''։ Այս տօնախմբութիւնը որ կը տեւէ երեք օր, առիթ է` ընտանիքներուն իրար մօտ համախմբուելու եւ ապրելու` միասնական խնդակցութեան, հաշտութեան եւ միութեան պահեր։
Այս առթիւ Միջկրօնական Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, պատգամ մը ուղղած է աշխարհի Ինտու հասարակութեան, յայտնելու իր խնդակցութիւնները, խնդրելով Աստուծմէ, որ է աղբիւր ամէն լոյսի ու կեանքի, լուսաւորել կեանքերը եւ պարգեւել իր ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը բոլորին։
Աշխարհի մը մէջ կ'ապրինք - կը գրէ Կարտինալ Թոռան - ուր կը տիրէ անհատապաշտութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը, ձեր այս տօնով կ'ուզենք բաժնեկցիլ ձեր ուրախութիւնը, որպէսզի ինտուներն ու քրիստոնեաները օժանդակեն` մարդկային յարաբերութիւններու զարգացման, մարդկութեան բարիքին համար, բարեկամութեան ու զօրակցութեան միջոցաւ։
Այս յարաբերութիւնները` հիմը կը կազմեն մարդկութեան գոյատեւումին։ Մարդկային ցեղի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը սերտօրէն կախում ունին այդ յարաբերութիւններէն։ Փորձառութիւնը կը սորվեցնէ թէ որքան այդ կապերը սերտ են, այնքան կը զօրանայ համագործակցութիւնը մարդոց միջեւ։
Դժբախտաբար - կը գրէ միշտ Կարտինալ Թոռան - նիւթապաշտ ու անհատապաշտ ընկերութիւնը յառաջ կը բերէ ''մերժումի մշակոյթը'' եւ ''տարբերութեան մշակոյթը'', որոնք կը յառաջացնեն, ինչպէս մատնանշած է անոնց մասին ֆրանչիսկոս քահանայապետը` ''անտարբերութեան համաշխարհականացում''։
Հետեւաբար, կը գրէ Քահանայապետական Միջկրօնական խորհուրդի նախագահը, հարկաւոր է քաջալերել ու հրամայական դարձնել ''յարգանքի մշակոյթը'' եւ ''զօրակցութեան մշակոյթը'' որպէսզի ժողովուրդներու միջեւ ամրապնդուի բարեկամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը, մարդկային ընտանիքին ի շահ։
Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան իր պատգամը կ'եզրափակէ գրելով ''զօրակցութիւնը ժողովուրդներու միջեւ արդիւնքն է այն ջանքին որ կը նպատակադրէ հասարակաց բարիքը։ Զօրացած մեր երկու կրօններու ուսուցումէն եւ գիտակից անկեղծ ու ճշմարիտ կապերու կերտումէն, կարող պիտի ըլլանք մենք քրիստոնեաներս ու ինտուներս գործել` ի նպաստ մարդկային ընտանիքի հզօրացումին, բարեկամութեան ու զօրակցութեան միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.